Իրլանտայի մայրաքաղաք Տaպլինի մէջ ընթացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան կարճատեւ քննարկում ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասի հետ։
Հանդիպման ընթացքին կողմերն անդրադարձած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն գործընկերութեան զարգացման օրակարգային հարցերուն։