85 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, ՀՀ «Մովսէս Խորենացի» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալակիր, Հայաստանի «Բարեկամութիւն» պետական անսամպլի հիմնադիր, Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի Նորայր Մեհրապեանը։
Նորայր Մեհրապեան ծնած է 1941 թուականին, Երեւան։ 1946 թուականին ընդունուած է Երեւանի պարարուեստի ուսումնարան, այնուհետեւ աշխատանքի անցած է Երեւանի Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ՝ որպէս մենապարող։
1970 թուականին հրաւիրուած է Լենինկրատի Խորեոկրաֆիք մանրապատումներու պալէային խումբ։ Երեք տարի ետք վերադարձած է Երեւան եւ ստանձնած է պարարուեստի ուսումնարանի գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը։
Այդ տարիներուն ստեղծած է իր առաջին բեմադրութիւնները։ 1984-1986 թուականներուն եղած է օփերային թատրոնի պալէային խումբի գեղարուեստական ղեկավարը։
1987 թուականին Մեհրապեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Բարեկամութիւն» Հայաստանի պարարուեստի պետական համոյթը։
Կազմաւորած է պարախումբեր եւ համոյթներ Պէյրութի, Կիպրոսի, Հալէպի, Լոս Անճելըսի հայ համայնքներուն մէջ։
Հրաւիրուած է ու աշխատած է Պէյրութի «Նոր Սերունդ», Համազգայինի «Անի» եւ Ֆրանսայի մէջ «Երազ» պարախումբերուն հետ։
1973-1983 թուականներուն եղած է Երեւանի պարարուեստի ուսումնարանի գեղարուեստական ղեկավարը՝ միաժամանակ աշխատելով որպէս դասական պարի ուսուցիչ։
Աշխատած է նաեւ Հայաստանի Պարի պետական անսամպլին մէջ։