Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած է, որ ԱՄՆ-Ռուսաստան վերջին բանակցութիւնները պատերազմի աւարտի յոյս կը ներշնչեն: Անոր խօսքով՝ Եւրոմիութիւնը պիտի դառնայ խաղաղութեան գործընթացի լիարժէք մասնակից, իսկ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կրնայ տեղի ունենալ ԱՄԷ-ի կամ Զուիցերիոյ մէջ:
Մոսկուա կատարած այցէն ետք Տոնալտ Թրամփի յատուկ բանագնացներ Ճարըտ Քուշնըր եւ Սթիվ Ուիթքոֆ ժամանած են Տապլին, ուր հանդիպած են Զելենսքիի հետ:
Ուքրանիոյ առաջնորդը, անդրադառնալով Ռուսաստան-ԱՄՆ բանակցութիւններու արդիւնքներուն, մասնաւորապէս ըսած է. «Առաջին արդիւնքը. մարդասիրական՝ տեղի պիտի ունենայ գերիներու ազատ արձակում, եւ մենք կ՚ակնկալենք այս պատերազմի ամբողջ ընթացքին գերիներու ամենամասշտապային փոխանակում։ Երկրորդ արդիւնք. մենք աւելի աշխոյժ կերպով կը ներգրաւենք եւրոպացի ներկայացուցիչները դիւանագիտութեան մէջ, որպէսզի անոնք հաւասար պայմաններով մասնակցին բանակցութիւններուն։ Ուքրանիան միշտ կը պաշտպանէ ամբողջ Եւրոպայի շահերը։ Երրորդ արդիւնք. մենք կը նախապատրաստենք ապագայ բազմակողմ հանդիպումներ։ Դիւանագիտութիւնը հետագային ալ աշխոյժ պիտի ըլլայ»: