Հոլանտայի Մաքսիմա թագուհին զինուորական պատրաստութիւն անցնելէ ետք դարձած է այդ երկրի թագաւորական բանակի պահեստազօրի սպայ՝ փոխգնդապետի աստիճանով։ Հոլանտայի Թագաւորական տան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Մաքսիման պիտի ծառայէ որպէս շտապային սպայ։
«Հոլանտայի Մաքսիմա թագուհին, պահեստազօրի 23 այլ սպաներու հետ միասին, երդում տուած է Հոլանտայի թագաւորական բանակի հրամանատար, զօրավար-լէյտենանթ Եան Սվիլենսի ներկայութեամբ։ Որպէս պահեստազօրային՝ զինուորական պատրաստութիւնը անցնելէ եւ երդման արարողութենէն ետք անոր շնորհուած է Հոլանտայի թագաւորական բանակի փոխգնդապետի աստիճան»,- նշուած է Թագաւորական տան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հոլանտայի հարաւը գտնուող Պրետա քաղաքի Թագաւորական ռազմական ակադեմիային մէջ։