Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տապլին կատարած աշխատանքային այցի ծիրին մէջ գտնուած է Միջազգային եւ եւրոպական հարցերու հիմնարկին մէջ։
Տապլինի Միջազգային եւ եւրոպական հարցերու հիմնարկին մէջ Նիկոլ Փաշինեանը դիմաւորած է հիմնարկի գլխաւոր տնօրէն Մարք Ռետմոնտը։ Նախ՝ Հայաստանի վարչապետի, հիմնարկի ղեկավարութեան եւ իրլանտացի փորձագէտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է աշխատանքային նախաճաշ, այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է քննարկման ու հարցուպատասխանի ձեւաչափով։
Վարչապետը քննարկման ծիրին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային զարգացումներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացներուն, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ այլ նիւթերու։
Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան Տապլինի մէջ մասնակցած էր Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ գագաթաժողովին։