Հայաստանը ներկայացնող երիտասարդ ու պատանի ճատրակիստները բացառիկ արդիւնքներ արձանագրեցին Եւրոպայի տարբեր տարիքային առաջնութիւններուն մէջ։
Ճատրակի միջազգային վարպետ Վահէ Սուքիասեան դարձաւ 2026-ի ճատրակի Եւրոպայի մինչեւ 18 տարեկան պատանիներու ախոյեան։ 2025-ի յաջողութիւնը կրկնելով՝ ան երկրորդ տարին անընդմէջ նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը։
ՖԻՏԷ-ի վարպետ Տիգրան Համբարձումեան դարձաւ 2026-ի շախմատի Եւրոպայի մինչեւ 14 տարեկան պատանիներու պրոնզէ մետալակիր։
Համբարձումեան 9 հնարաւորէն վաստկեց 7 միաւոր եւ կիսեց 3-4-րդ հորիզոնականները՝ լրացուցիչ ցուցանիշներով գրաւելով 3-րդ հորիզոնականը։
Իսկ Նարէ Իսախանեան 2026-ի շախմատի Եւրոպայի մինչեւ 12 տարեկան աղջիկներու փոխախոյեանն է։
Ան 9 հնարաւորէն վաստկեց 7.5 միաւոր եւ կիսեց 2-3-րդ հորիզոնականները՝ լրացուցիչ ցուցանիշներով գրաւելով 2-րդ հորիզոնականը։