Փաշինեան. Հայաստանը Չի Կրնար Զուգահեռաբար Ըլլալ ԵԱՏՄ Եւ ԵՄ Անդամ

հեղինակ՝
14 Նոյեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

Հայաստանը չի կրնար զուգահեռաբար ըլլալ ԵԱՏՄ եւ ԵՄ անդամ։ Այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Տապլինի Միջազգային եւ եւրոպական հարցերու հիմնարկի փորձագէտներու հետ հանդիպման ընթացքին։

Վարչապետին խօսքով՝ մեր հիմնական քաղաքական նպատակը եղած է եւ կը մնայ այլընտրանք ստեղծել ՀՀ քաղաքացիներուն համար. «Երկար ժամանակ ընկալումն այն էր, որ ՀՀ-ն այլընտրանք չունի։

Նոյնիսկ ԵԱՏՄ առաջնորդներէն մէկը հրապարակաւ յայտնած էր, որ Հայաստանը երթալու այլ տեղ չունի՝ բացի ԵԱՏՄ-էն։ Եւ այդ յայտարարութիւնը յառաջ բերաւ որոշակի քաղաքական գործընթացներ»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss