Հայաստանը Պաղեստինի Կառավարութեան Կը Մաղթէ Խաղաղութեան Հաստատում Եւ Բարգաւաճ Ապագայ

հեղինակ՝
15 Նոյեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

ՀՀ Արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութիւնը շնորհաւորած է Պաղեստինը Անկախութեան օրուան առթիւ։

«Հայաստանը Պաղեստինի կառավարութեան եւ բարեկամ ժողովուրդին կը մաղթէ խաղաղութեան հաստատում եւ բարգաւաճ ապագայ»,- ըսուած է գերատեսչութեան X ընկերային ցանցի էջին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհաւորանքին արձագանգած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը՝ տարածելով այդ հրապարակումը եւ նշելով, որ իրանեան կողմը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի համերաշխութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդին հետ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss