Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն ազատ արձակման հարցը մշտապէս կը գտնուի Հայաստանի իշխանութիւններուն օրակարգին վրայ։ Այս մասին ան խօսած է Տապլինի Միջազգային եւ եւրոպական հարցերու հիմնարկին (IIEA) մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին։
Վարչապետին խօսքով՝ Պաքուի մէջ պահուող հայերու ազատ արձակման հարցի լուծման համար անհրաժեշտ է ամրապնդել տարածաշրջանին մէջ հաստատուած խաղաղութիւնը եւ յաղթահարել թշնամական մթնոլորտը։
«Բանտարկեալներու խնդիրը մեր իրականութեան մէջ կարեւոր խնդիրներէն է: Բայց այդ խնդիրը լուծելու համար մեզի անհրաժեշտ է ամրապնդել խաղաղութիւնը: Այլապէս ան պիտի չլուծուի: Բանտարկեալներու առկայութեան պարագան թշնամական մթնոլորտի արտացոլումն է: Եթէ խորանայ թշնամանքը, ան պիտի նշանակէ, որ այս հարցը հաստատ 100%-ով պիտի չլուծուի»,- ըսած է Փաշինեան։
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները դիւանագիտական շփումներու ընթացքին շարունակաբար կը բարձրացնեն Պաքուի մէջ պահուող հայերու հարցը եւ պիտի չհրաժարին անոնց ազատ արձակման ուղղուած ճիգերէն։
«Ի միջի այլոց, ան մեր օրակարգին վրայ է, միշտ եղած է եւ այսօր ալ մեր օրակարգին վրայ է, եւ դիւանագիտական շփումներուն մէջ մենք մշտապէս այդ հարցը կը բարձրացնենք։ Մենք երբեք չենք մոռնար այդ խնդիրը, եւ մենք պիտի շարունակենք, ինչ խօսք, մեզմէ կախուած ամէն ինչ ընել, որպէսզի այդ մարդիկ բանտէն ազատ արձակուին»,- յայտնած է վարչապետը։
Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեան նշած է, որ թշնամանքի եւ զայրոյթի խորացումը կրնայ յանգեցնել հակամարտութեան ու պատերազմի շարունակութեան։ Անոր խօսքով՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն նպատակն է յաղթահարել թշնամանքը, հակամարտութիւնը եւ յուսահատութիւնը եւ ապահովել խաղաղ ապագայ։
Վարչապետը նաեւ խօսած է «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան մասին՝ ընդգծելով, որ ան հիմնուած է Հայաստանի պետական եւ ազգային շահերուն վրայ։
«Մենք պէտք է փոխենք մեր ժողովուրդին ճակատագիրը, անոր համար մենք պէտք է յաղթահարենք զայրոյթը, թշնամանքը եւ յուսահատութիւնը, յուսալքումը, պէտք է դադրինք յենելէ ուրիշներու վրայ, պէտք է յենինք մեզի վրայ»,- ըսած է Փաշինեան։
Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է այն միաւորը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է իր քաղաքացիներու ազգային շահերու պաշտպանութեան։