Պէյրութի Մէջ Փողոց Մը Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի Անունով

հեղինակ՝
15 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Պէյրութ յարգանքի տուրք կը մատուցէ հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոս եւ նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին՝ անոր անունով փողոց մը նուիրելով Աշրաֆիէ թաղամասի սրտին մէջ`  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան նստավայրին դիմաց։ Խոր կրօնական, պատմական եւ ազգային նշանակութիւն ունեցող արարողութիւն մըն էր այս, որ փողոցի անուանակոչումը վերածեց հաւաքական յիշողութեան, ճանաչման եւ հաւատքի, ազատութեան ու մարդկային արժանապատուութեան արժէքներու վկայութեան պահու մը։

Լիբանանեան պետութեան բարձրագոյն իշխանութիւնները՝ Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը կը ներկայացնէր նախարար Քամել Շեհատէն։ Ներկայ էին նաեւ Պէյրութի նահանգապետը, Քաղաքապետական խորհուրդի նախագահն ու անդամները, եկեղեցական պետեր եւ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։

Իր խօսքին մէջ, Հայ Կաթողիկէ Ամենապատիւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքը ընդգծեց նախաձեռնութեան խորհրդանշական արժէքը. «Կան փողոցներ, որոնք անհատներու անուններ կը կրեն, եւ փողոցներ, որոնք պատմութիւն կը պահպանեն։ Այսօր մենք կը բանանք փողոց մը, որ իր մէջ կը կրէ հաւատքի վկայութիւն մը, ժողովուրդի մը յիշողութիւնը եւ ազգին ուղղուած պատգամ մը»։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss