ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Քեւըն Հեմիլթընի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութեան զարգացման հարցեր, այդ կարգին՝ գործընկերութեան առկայ ձեւաչափերու ծիրին մէջ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը։
Անդրադարձ կատարուած է Քոսովոյի մէջ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարած խաղաղապահ առաքելութեան Հայաստանի մասնակցութեան եւ անոր շարունակականութեան։
Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ։ Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է միջտարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ցանցի ընդլայնման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները։ Ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան նշանակութիւնը տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ։