ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ կառավարութիւնը պիտի չհրաժարի նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու օրակարգէն՝ անկախ խորհրդարանական ընդդիմութեան դիրքորոշումէն։ Ան խօսած է հանրային ճնշումով ընդդիմութեան մօտեցումը փոխելու եւ քաղաքական գործընթացները այն ուղղութեամբ տանելու մասին, որ ընդդիմութեան այդ հատուածը այլեւս խորհրդարանին մէջ չըլլայ։
Վարչապետը այս մասին յայտնած է 18 Նոյեմբերին կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին՝ պատասխանելով «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Տարօն Չախոյեանի հարցումին։
Չախոյեան քննադատած է նոր Սահմանադրութեան դէմ ընդդիմութեան գործողութիւնները՝ հարցնելով, թէ ինչո՞ւ իրազեկման շարժումներ կ՚իրականացուին, եթէ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները չեն պատրաստուիր աջակցելու նախագիծը հանրաքուէի դնելու որոշումին։
Փաշինեան իր պատասխանին մէջ նշած է, որ հանրութիւնը քննադատութիւններ ունի նաեւ իշխանութեան հասցէին, եւ կառավարութիւնը չի պնդեր, թէ երկրին մէջ ամէն ինչ կատարեալ է։ Միաժամանակ ան ընդգծած է ստանձնած քաղաքական պարտաւորութիւնները իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը։
«Մենք մեր ժողովուրդին առջեւ ստանձնած ենք պարտաւորութիւն՝ ունենալ նոր Սահմանադրութիւն եւ ունենալ խաղաղութիւն։ Շատ անլուրջ պիտի ըլլայ, եթէ մենք ինչ-որ ժամանակ անց գանք, ըսենք՝ քանի որ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը կամ «Հայաստան» խմբակցութիւնը չի համաձայնիր այդ օրակարգին հետ, ուրեմն մենք կը հրաժարինք այդ օրակարգէն»,- յայտնած է վարչապետը։
Ան պնդած է, որ քաղաքական մեծամասնութիւնն ու կառավարութիւնը վճռական են այդ ճանապարհով երթալու հարցին մէջ։ Փաշինեանի գնահատմամբ՝ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կը դիրքաւորուի որպէս վերջնական եւ անշրջելի խաղաղութեան խոչընդոտ։
«Ես այսօր արդէն այդ գործընթացը կը սկսիմ՝ կ՚ըսեմ, որ այս ընդդիմութիւնը կը դիրքաւորուի որպէս խաղաղութեան հիմնական խոչընդոտ։ Հիմա մենք երթալու երկու ճանապարհ ունինք։ Ընդ որում՝ երկու ճանապարհ չէ, մեծ հաւանականութեամբ այս ճանապարհներէն մէկը միւսին շարունակութիւնն է»,- ըսած է ան։
Առաջին տարբերակը վարչապետը կապած է հանրային ճնշումի ձեւաւորման հետ։
«Ես վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը խաղաղութեան օրակարգին շուրջ համախմբուած է։ Հանրային ճնշում կը ձեւաւորենք, եւ ընդդիմութիւնը ի վերջոյ կը հրաժարի այդ դերակատարումէն՝ խաղաղութեան խոչընդոտի դերակատարումէն»,- յայտարարած է Փաշինեան։
Որպէս հնարաւոր շարունակութիւն՝ ան ներկայացուցած է երկրորդ տարբերակը։
«Քաղաքական գործընթացները կը տանինք այս ուղղութեամբ, որ ընդդիմութեան այս հատուածը պարզապէս այլեւս խորհրդարանին մէջ պիտի չըլլայ։ Մնացածը արդէն թեքնիքի հարց է»,- ըսած է վարչապետը։
Փաշինեան չէ մանրամասնած, թէ երկրորդ տարբերակի պարագային ի՞նչ յստակ քաղաքական մեխանիզմի մասին է խօսքը։
Ան նաեւ վերահաստատած է հանրաքուէի հնարաւոր արդիւնքին վերաբերեալ իր համոզումը։
«Մենք ունինք բաւարար վճռականութիւն եւ կամք երթալու այդ ճանապարհով։ Եւ երկրորդը՝ համոզում ունիմ, որ Հայաստանի ժողովուրդը պիտի երթայ հանրաքուէի եւ ճնշող մեծամասնութեամբ կողմ պիտի քուէարկէ նոր Սահմանադրութեան»,- յայտնած է վարչապետը։