Երկաթուղին Մինչեւ Հայաստանի Սահման Հասցնելու Աշխատանքները Արագ Կ՛ընթանան

հեղինակ՝
18 Նոյեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

«TRIPP-ի մուտքի եւ ելքի հատուածները կը գտնուին Ատրպէյճանի տարածքին, հիմնական տեխնիկական յարաչափերը պէտք է համաձայնեցուին Պաքուի հետ»։

Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով, Պաքուի մէջ Գերմանիոյ ԱԳ նախարար Եոհան Վատեֆուլի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններ ընթացած են TRIPP նախագիծի իրականացման ծիրին մէջ նախապատրաստական աշխատանքներու հարցերուն շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ այդ երկաթուղիի մուտքի եւ ելքի կէտերը կը գտնուին հայ-ատրպէյճանական սահմանին։

Նախագիծի իրականացման մօտենալուն զուգընթաց միանգամայն օրինաչափօրէն հարց ծագած է անոր տեխնիկական յարաչափերը ատրպէյճանական կողմին հետ պարտադիր համաձայնեցնելու անհրաժեշտութեան մասին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է համատեղ տեխնիկական աշխատանքային խումբ ստեղծելու վերաբերեալ, որ իր աշխատանքը սկսած է 6 Նոյեմբերին»,- յայտնած է նախարարը։

Նախարարին խօսքով՝ տեխնիկական աշխատանքային խումբի հիմնական խնդիրը տեխնիկական յարաչափերու համաձայնեցումն է երկու ուղղութիւններով՝ փոխադրային, որ կ՛ընդգրկէ ինչպէս ինքնաշարժային, այնպէս ալ երկաթուղային ճանապարհը, ինչպէս նաեւ ելեկտրական մալուխի նախագիծը։ Բացի ատկէ՝ խումբը պէտք է ապահովէ համապատասխան ենթակառուցուածքներու միացման համար անհրաժեշտ աշխատանքներու իրականացումը։

«Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը գործնականօրէն աւարտին կը հասցնէ փոխադրային նախագիծերու իրականացումը իր տարածքին ինչպէս ինքնաշարժային, այնպէս ալ երկաթուղային ճանապարհներու ոլորտին մէջ։ Երկաթուղին մինչեւ Հայաստանի հետ սահման հասցնելու աշխատանքները կ՛ընթանան արագացուած թափով, եւ յառաջիկայ տարուան սկիզբը այդ գործընթացը պիտի աւարտի»,- աւելցուցած է Ճէյհուն Պայրամով։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss