Փաշինեան. Նոր Սահմանադրութեան Ուղերձն Է՝ Փակել Հակամարտութիւններու Էջը

հեղինակ՝
18 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ նոր սահմանադրութեան ուղերձը մէկն է՝ բոլոր ուղղութիւններով ընդհանրապէս կը փակուի հակամարտութիւններու էջը եւ խաղաղութիւնը կը դարձնէ անշրջելի․ «Աս է տրամաբանութիւնը։ Եւ ժողովուրդին իշխանութիւնը կը դարձնենք անշրջելի»,- շեշտած է վարչապետը։

«Մենք պէտք է յենինք այսօրուայ Հայաստանին վրայ, որպէսզի չփնտռենք եւ ձեռք չբերենք նոր Հայաստաններ։ Զանոնք պիտի կոչենք Արցախ, Արեւմտեան Հայաստան, թէ այլ անունով… Ընտրութիւնը ասոր մէջ է՝ կ՚ունենանք յարատեւ պետութի՞ւն, թէ՞ ոչ»,- աւելցուցած է ան։

Ան անդրադարձած է նաեւ ընդդիմութեան յայտարարութիւններուն․ «Ինչ խօսին, ինչ բանավէճեր ըլլան, իմ համոզումս է, որ հանրաքուէի արդիւնքներով քաղաքացիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կողմ պիտի քուէարկէ նոր սահմանադրութեան, որովհետեւ կողմ քուէարկելով՝ կը քուէարկէ իր նոր սերունդներուն օգտին, նաեւ յարգանքի տուրք կը մատուցէ նահատակներուն, որովհետեւ անով կ՚արձանագրէ, որ անոնց զոհողութիւնները իզուր չեն անցած, եւ մենք ունինք պետութիւն, որ պէտք է սերունդէ-սերունդ փոխանցենք»,- ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss