Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան ներկայացուցած է, թէ քաղաքացիներու որ խումբերը 1 Յունուար 2027-էն պիտի ընդգրկուին առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգին մէջ։
Անոր խօսքով՝ առաջին խումբը մինչեւ 200 հազար դրամ աշխատավարձ ստացող շուրջ 350 հազար քաղաքացիներն են։ Անոնց ապահովագրավճարի պարտաւորութիւնը պիտի բաշխուի հետեւեալ կերպ. ամսական 10.800 դրամ ապահովագրավճարէն 4.400 դրամը պիտի վճարէ պետական պիւտճէն, 4.400 դրամը՝ գործատուն, իսկ 2.000 դրամը՝ աշխատողը։
«Ապահովագրական համակարգին մէջ պիտի ընդգրկուին նաեւ քաղաքացիաիրաւական պայմանագրերով աշխատող անձեր։ Կը նախատեսուի նաեւ նոր հնարաւորութիւն ստեղծել աշխատող քաղաքացիներու համար՝ ապահովագրելու իրենց ընտանիքի անդամները։ 200 հազարէն մինչեւ 500 հազար դրամ աշխատավարձ ստացողները պիտի կրնան ապահովագրել ընտանիքի մէկ անդամ, իսկ 500 հազար դրամէ աւելի աշխատավարձ ստացողները՝ երկու անդամ։ Ապահովագրութեան համակարգին պիտի միանան նաեւ ելեկտրոնային հարթակներու միջոցով թաքսի ծառայութիւններ մատուցող քաղաքացիները, որոնք վերջին երկու տարիներուն միացած են եղած հարթակին, եւ որոնց ամսական շրջանառութիւնը մէկ տարուան ընթացքին գերազանցած է նուազագոյն աշխատավարձի չափը»,- ըսած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան։
Ըստ նախարարին՝ 2027-ին առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան շահառուներու թիւը պիտի հասնի 2,4 միլիոնի։