Հայաստանն ու Օմանը դիւանագիտական, յատուկ եւ ծառայողական անձնագրեր ունեցող անձերը փոխադարձ պիտի ազատեն վիզայի պահանջէն։
«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Օմանի Սուլթանութեան կառավարութեան միջեւ դիւանագիտական, յատուկ եւ ծառայողական անձնագիրներ ունեցող անձերուն համար մուտքի վիզայի պահանջէն փոխադարձ ազատելու մասին» համաձայնագիրով (այսուհետ՝ Համաձայնագիր) կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Օմանի Սուլթանութեան դիւանագիտական եւ ծառայողական անձնագիրներ ունեցող անձերուն փոխադարձ ազատում մուտքի վիզայի պահանջէն՝ միւս կողմի պետութեան տարածք մուտք գործելու, հոն գտնուելու եւ տարածքէն դուրս գալու համար»,- ըսուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ։
Կը նշուի, որ համաձայնագիրի կնքումը պիտի նպաստէ Օմանի Սուլթանութեան հետ քաղաքական երկխօսութեան ընդլայնման եւ խորացման, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներով պաշտօնական եւ աշխատանքային փոխայցելութիւններու կազմակերպման ու իրականացման՝ ապահովելով երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացում եւ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու ձեւաւորում։