Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան կը կարծէ, որ Հայաստանը երկաթուղիներու հարցով կրնայ կորսնցնել մրցակցային առաւելութիւնը։
«Կայ խնդիր՝ կապուած Հայաստանի երկաթուղիներու թոյլտուութեան հետ, խնդիրն այն է, որ հայկական երկաթուղիները «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու թոյլտուութեան կառավարման տակ են, Ռուսաստանի հետ փոխկապակցուած ընկերութիւններն ալ պատժամիջոցներու տակ են ու կը ստեղծուի իրավիճակ մը, որ մենք կրնանք կորսնցնել մեր մրցակցային առաւելութիւնը»,- լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է ան։
Ռուբինեանի խօսքով՝ կայ պահանջ՝ վերազինելու հայկական երկաթուղիները, բայց ռուսական կողմը, կարծես թէ այնքան ալ հակուած չէ զայն ընել, կը մտածեն՝ եկամտաբեր պիտի չըլլայ։
«Լաւ է, որ կայ քննարկում, կայ բարիդրացիական քննարկում, ես յոյս ունիմ՝ շուտով պիտի հասնինք որեւէ հանգուցալուծման»,- նշած է ան։
Ռուբինեան այս հարցը աշխարհաքաղաքական չի համարեր, հարցը տնտեսական է։
«Մենք պէտք է հասնինք լուծման մը, որուն արդիւնքով պահպանենք մեր տնտեսական մրցակցային առաւելութիւնները։ Մենք Ռուսաստանի դէմ ոչինչ ունինք, բայց մենք ունինք խնդիրներ մեր մեկուսացման դէմ, մենք չենք ուզեր մնալ մեկուսացման մէջ, պէտք է լուծումներ գտնել, որ չկորսնցնենք տարանցիկ երկիր դառնալու հնարաւորութիւնը»,- աւելցուցած է ԱԺ նախագահը։