«Այս պահուն ունինք 1 միլիոն 800 հազարէ աւելի շահառու, արդէն ապահովագրուած անձ»։
Ազգային ժողովի Նոյեմբեր 17-ի նիստին այդ մասին ըսաւ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան՝ պատասխանելով «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանի հարցումին, թէ 2026-ին քանի՞ քաղաքացի օգտուած է բժշկական ապահովագրութենէն։
«Տարուան սկիզբը այս թիւը մօտ 1,5 միլիոն էր, եւ մեր շահառուները, որոնք օգտուած են ապահովագրութենէն, միլիոնէ անցած են, իսկ այն ծառայութիւններուն թիւը, որ ստացած են, տասնեակ միլիոնէ աւելի է, այսինքն՝ առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգը լիարժէք կը գործէ։
Բայց մենք մշտապէս հետեւողական, շատ ուշադիր ենք, թէ ինչը կարելի է լաւարկել, ինչը կարելի է փոխել, ինչպէս կարելի է ծառայութիւններ ստանալու գործընթացը աւելի յարմար դարձնել քաղաքացիին համար թէ՛ թուային գործիքներու օգտագործումով, թէ՛ բոլոր այլ հնարաւոր միջոցներով։ Սա անընդհատ գործընթաց է»,- ըսաւ ան։
Սերկէյ Բաղգրատեան նկատեց՝ հանրութեան շրջանակին մէջ գոհունակութիւն կայ համակարգէն, եւ մեծ փափաք կայ, որ ան իրօք դառնայ համընդհանուր։
Անահիտ Աւանէսեան արձագանգեց՝ 2028 թուականին համակարգի շահառու պիտի դառնան բոլոր քաղաքացիները։