Մեծ Բրիտանիան կ՚ողջունէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին խաղաղութեան ճանապարհին արձանագրուած յառաջընթացը՝ յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպան Տունքըն Նորմընը։
Անոր խօսքով՝ ան կը ներառէ «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութիւնը, սահմաններու սահմանազատման գործընթացը, Ատրպէյճանէն Հայաստան վառելանիւթի մատակարարումը, ինչպէս նաեւ AzerTelecom-ի եւ Telecom Armenia-ի միջեւ կնքուած համաձայնագիրը։
Կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն ապահովելու համար չափազանց կարեւոր է պահպանել այդ շարժընթացը երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջոցով՝ ընդգծած է դիւանագէտը։
Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանը նշած է, որ այն պայմաններուն մէջ, երբ Հարաւային Կովկասը վստահօրէն կը շարժի դէպի աւելի խաղաղ ապագայ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործընկերութիւնը աւելի քան երբեւէ մեծ նշանակութիւն կը ստանայ։