Պելճիքան կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Ժիւլիէն տը Ֆրեփոնը՝ Թագաւորի օրուան առթիւ կազմակերպուած միջոցառման ժամանակ։
Անոր խօսքով՝ Պելճիքայի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ տարբեր ոլորտներու մէջ, իսկ երկու երկիրներու կառավարութիւնները կանոնաւոր եւ կառուցողական երկխօսութիւն կը պահպանեն հարցերու լայն շրջանակի շուրջ, ներառեալ՝ տարածաշրջանային գործընթացները, ինչպէս նաեւ այն, թէ ինչպէս պաշտօնական Պրիւքսէլը կրնայ նպաստել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, կայունութեան ամրապնդման եւ բարգաւաճման։
Դեսպանը ընդգծած է, որ տպաւորուած է խաղաղութեան կառուցման ուղղութեամբ ձեռնարկուող յստակ քայլերով, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ աւելի լայն տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար տարածաշրջանային համարկման եւ փոխադրական կապի առաւելութիւնները ցոյց տալու ջանքերով։