ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ Հայաստան Տապլինի մէջ ընդունուած՝ եւրոպական անվտանգութեան հիմնարար սկզբունքներու մասին հռչակագրին չէ միացած ՆԱԹՕ-ին վերաբերող ծաւալուն յղումներու պատճառով։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանը սկսած է Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթաց, սակայն ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու նպատակ չէ դրած։
Այս մասին վարչապետը խօսած է Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին։
Հարցումին, թէ ինչու Հայաստանը չէ միացած Նոյեմբեր 12-ին Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի ծիրէն ներս Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ ընդունուած փաստաթուղթին։
Փաշինեան ըսած է, որ որոշումի նպատճառը բաց ներկայացուցած է գործընկերներուն։
«Մենք չմիացանք մէկ պատճառով․ ես թափանցիկ գործընկերներուն ըսի՝ այնտեղ շատ մեծ ծաւալով յղումներ կային ՆԱԹՕ-ին։ Մենք մեր դիրքորոշումը արտայայտեցինք, որ, այո՛, Եւրոմիութեան անդամագրուելու գործընթաց սկսած ենք, բայց մեր քաղաքականութիւններուն մէջ չունինք որոշում, որ մենք ՆԱԹՕ-ին պիտի անդամագրուինք կամ ընդհանրապէս նման խնդիր դրած ենք»,- յայտնած է վարչապետը։
Ան աւելցուցած է, որ փաստաթուղթի միւս հատուածներուն մէջ ընդունելի եւ ծանրակշիռ բովանդակութիւն եղած է։
Փաշինեանի խօսքով՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու եւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մաս դառնալու հարցերը կառավարութիւնը կը տարբերակէ։
«Մենք ըսինք՝ Եւրոմիութիւն՝ այո՛, բայց ռազմաքաղաքական դաշինքի տրամաբանութեամբ քաղաքականութիւն չենք որդեգրեր։ Ա՛յդ է եղած պատճառը, եւ ըմբռնումով վերաբերած են»,- ըսած է վարչապետը։