Ալէն Սիմոնեան Պիտի Այցելէ Ատրպէյճան

հեղինակ՝
19 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

«Յաջորդ ամիս կը նախատեսուի իմ այցս Ատրպէյճան, ոչ Պաքու քաղաք։ Հաճիեւը ժամանած էր Հայաստան, հիմա պատասխան այցով ես պէտք է մեկնիմ»։

Ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան։

Յիշեցնենք՝ 14 Յունիս 2026-ին Դիլիջանի մէջ կայացած էր ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի աշխատանքային հանդիպումը։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգին առնչուող հարցեր։

Ընդգծուած է երկկողմ շարունակական երկխօսութեան կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած ճիգերու ծիրին մէջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss