26 Ապրիլ 2027-էն 2 Մայիս մարզական մարմնամարզութեան մեծահասակներու Եւրոպայի առաջնութեան կայացման նախապատրաստական աշխատանքներու պատշաճ կազմակերպման եւ իրականացման ապահովումով պայմանաւորուած՝ ՀՀ Կառավարութիւնը որոշում ընդունած է։
Ըստ հիմնաւորման՝ մարզական մարմնամարզութեան մեծահասակներու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը միջազգային նշանակութեան մեծ մարզական միջոցառում է, որուն կայացումը Հայատանի մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի երկրի միջազգային մարզական հեղինակութեան բարձրացման, մարզական ոլորտին մէջ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի՝ որպէս միջազգային մարզական միջոցառումներ կազմակերպելու կարողութիւն ունեցող երկրի դիրքաւորման տեսանկիւնէն։
Ախոյեանութեան նախնական կ՚ակնկալուի շուրջ 500 մարզիկներու մասնակցութիւն, բացի անկէ՝ նաեւ անոնց ուղեկցող անձնակազմի եւ այլ պատուիրակներու մասնակցութիւն։
Ախոյեանութեան կայացումը իր կարեւոր տեղը ունի մարզաձեւի զարգացման եւ զանգուածայնացման գործին մէջ, որուն բերումով ՀՀ-ն աւելի ճանչցուած պիտի դառնայ միջազգային մարզական հարթակներու վրայ որպէս առաջատար երկիր։
Միաժամանակ ան պիտի նպաստէ մարզամշակութային արժէքներու եւ զբօսաշրջութեան զարգացման, այդ կարգին՝ հիւրանոցային, մշակութային կեդրոններու եւ մարզական կառոյցներու վերականգնման՝ իր կարգին հետք ձգելով տնտեսութեան համընթաց զարգացման վրայ։