Հայաստանը Հրաւիրուած Է ԱՄՆ-ի Մէջ G20 Գագաթաժողովին

հեղինակ՝
19 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Ամերիկայի 250-ամեակին առթիւ Միացեալ Նահանգները կը հիւրընկալէ 2026-ի G20 գագաթաժողովը Մայամիի մէջ։ Այս տարուան հրաւիրեալ երկիրներուն թիւին մէջ է նաեւ Հայաստանը։

Կը նշուի, որ ԱՄՆ-ն պիտի վերադարձնէ G20-ը իր հիմնական առաքելութեան՝ խթանել տնտեսական աճը, խթանել նորարարութիւնը եւ ամրապնդել գործընկերութիւնները, որոնք օգուտ կը բերեն ամերիկացի աշխատողներուն, գործարարութեան եւ դաշնակիցներուն։

Հրաւիրեալներուն թիւին մէջ են նաեւ Ատրպէյճանը, Ֆինլանտան, Ղազախստանը, Ուզպեքիստանը, Հոլանտան եւ շարք մը այլ երկիրներ։

G20-ը միջազգային հարթակ մըն է, որ կը միաւորէ աշխարհի ամենամեծ զարգացած եւ զարգացող տնտեսութիւնները՝ տնտեսական քաղաքականութիւնը քննարկելու եւ համակարգելու համար։ Անոր անդամները կը ներկայացնեն համաշխարհային ՀՆԱ-ի մօտաւորապէս 85%-ը եւ մոլորակի բնակչութեան երկու երրորդը։

G20-ը ստեղծուած է 1999-ին՝ 1990-ականներու վերջի տնտեսական ճգնաժամերուն ի պատասխան՝ միջազգային տնտեսական կայունութիւնը խթանելու նպատակով։

Խումբը կը լուծէ այնպիսի հարցեր, ինչպէս՝ համաշխարհային տնտեսական կայունութիւնը, միջազգային տնտեսական համագործակցութիւնը, առեւտուրը եւ ներդրումները։

G20-ի հանդիպումները տեղի կ՚ունենան տարբեր մակարդակներու վրայ, ներառեալ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ տարեկան գագաթաժողովները, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան նախարարներու եւ կեդրոնական դրամատուներու կառավարիչներու հանդիպումները։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss