«Անյայտ կորսուած անձերու հետ կապուած խնդիրները մեր ժամանակակից կեանքի ամենածանր հարցերէն մէկն են»։
Այս մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրը. մարդասիրական երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն» խորագրով միջազգային համաժողովի իր ելոյթին մէջ։
«Ի հարկէ, բանալի բառը այս նիւթին մէջ անյայտն է, որովհետեւ խնդիրները կը բարդանան անով, որ նիւթին առնչուող բազմաթիւ հանգամանքներ անյայտ են, եւ, ըստ էութեան, մենք ունինք խնդիր բազմաթիւ անյայտներով խնդիր լուծելու։ Ասոր մէջ է հարցը, եւ երբ երբեմն քննարկումներ կ՚ունենանք գտնուելու վայրը անյայտ անձերու հարազատներու հետ, անոնք կ՚ուզեն ստանալ յստակ հարցերու յստակ պատասխաններ։
Ամենաբարդ իրավիճակը այն է, որ հարցերու պատասխաններ պարզապէս չկան, եւ խնդիրը այդ հարցերու պատասխանները գտնելն է։
Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հասած ենք այս ձեւաչափով քննարկումներու, որովհետեւ ակնյայտ է, որ յատկապէս գտնուելու վայրը անյայտ անձերու ճակատագրի պարզաբանման հարցերուն մէջ հնարաւոր չէ առանց միջազգային համագործակցութեան, որովհետեւ բազմաթիւ հարցերու հաւանական պատասխաններ ակնյայտօրէն կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն եւ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան լիազօրութիւններէն դուրս։
Եւ, ի հարկէ, առանց միջազգային համագործակցութեան, նաեւ միջազգային փորձի մանրամասն ուսումնասիրութեան եւ միջազգային կեանքի մէջ կիրարկուած, յաջողած փորձերու որդեգրումով հնարաւոր պիտի չըլլայ այս խնդրի լուծումը»,- ըսած է վարչապետը։