Հայաստան-Իտալիա Պաշտպանական Խորհրդակցութիւններ․ Ստորագրուած Է 2027-ի Համագործակցութեան Ծրագիրը

հեղինակ՝
19 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Հռոմի մէջ 18 Նոյեմբերին տեղի ունեցած են Հայաստան-Իտալիա երկկողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւնները, որոնց մասնակցած է Պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընթացքն ու հեռանկարները, միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցերու վերաբերեալ։

Լեւոն Այվազեան գործընկերներուն ներկայացուցած է ՀՀ բանակի կերպափոխման գործընթացը։

Խորհրդակցութիւններու արդիւնքով կողմերը համաձայնեցուցած եւ ստորագրած են երկկողմ համագործակցութեան 2027-ի ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ շարք մը միջոցառումներ՝ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւններով։

Յաջորդ պաշտպանական խորհրդակցութիւնները պիտի տեղի ունենան Երեւանի մէջ:

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss