ՀՀ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հրապարակուեցաւ 23 Նոյեմբերին, յատուկ այդ նպատակով ստեղծուած կայքի մէջ։
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այդ առիթով յայտնած է, որ կայքը ստեղծուած է, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար առաւելագոյնս յարմարաւէտ ըլլայ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը կարդալն ու առաջարկներ ներկայացնելը։
«Ժամը 10.00-ին ուղիղ եթերով հանդէս պիտի գամ ուղերձով։ Սա քո՛ Սահմանադրութիւնն է»,- նշած է ան, Ֆէյսպուք ընկերային ցանցի իր հարթակին վրայ դիմելով ՀՀ քաղաքացիներուն։