Կոստանեան. ԹՐԻՓՓ-ը Հայաստանի Անկախութենէն Իվեր Ամենամեծ Հաղորդակցային Նախագիծն Է

հեղինակ՝
22 Նոյեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

20 Նոյեմբերին Նափոլիի մէջ ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան «Միջերկրածովեան երկխօսութիւններ» (MED) համաժողովի ծիրին մէջ մասնակցած է «Կովկասի մէջ բարգաւաճման վերականգնումը» խորագրով քննարկման։

ԱԳՄԱ նախարարի տեղակալը ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումով ձեւաւորուած նոր, աննախադէպ իրողութիւնները եւ արձանագրուած շարժը, այդշարքին՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն: Վահան Կոստանեան ընդգծած է, որ նոր հաղորդակցային եւ առեւտրային կապերու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ շփումները կը նպաստեն խաղաղութեան հետագայ հաստատութենականացման։ Նշուած է, որ ստեղծուող փոխկապակցուածութեան հնարաւորութիւնները փոխշահաւէտ են բոլորին համար՝ ոչ միայն տարածաշրջանի երկիրներու համար, այլեւ Եւրոպայի ու Ասիոյ միջեւ կապի ապահովման տեսանկիւնէն:

Վահան Կոստանեան ներկայացուցած է ԹՐԻՓՓ նախագիծի կեանքի կոչման ընթացքը՝ ընդգծելով, որ ԹՐԻՓՓ-ը Հայաստանի անկախութենէն իվեր ամենամեծ հաղորդակցային նախագիծն է եւ որպէս Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան բաղկացուցիչ մաս՝ ներկայացուած է նախագիծի բազմաձեւ բնոյթը՝ երկաթուղի, ճանապարհ, ելեկտրահաղորդման ցանցեր, խողովակաշարեր եւ թուային կապ, ինչպէս նաեւ նախագիծի կարեւորութիւնը ելեկտրական դիմակայունութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն։

Անդրադառնալով Եւրոպական միութեան եւ ԵՄ անդամ պետութիւններու դերին՝ նախարարի տեղակալը կարեւորած է եւրոպական, այդ շարքին՝ իտալական փորձի ներգրաւումը տարածաշրջանային կապակցուածութեան զարգացման նախագիծերուն մէջ։

Քննարկման մասնակցած է նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարի տեղակալ Էտմոնտօ Չիրիելլին։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss