Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Նաուաֆ Սալամին, Անկախութեան օրուան առթիւ։
Շնորհաւորական ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Ջերմագին շնորհաւորանքներ ու անկեղծ բարեմաղթանքներ կը յղեմ Ձեզի Լիբանանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով։
Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի, վստահութեան եւ մեր ժողովուրդներու ամուր բարեկամութեան վրայ։
Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ Լիբանանի հետ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութեան ամրապնդումը եւ երկկողմ ու բազմակողմ համագործակցութեան շարունակական ընդլայնումը՝ ի շահ մեր երկու պետութիւններուն։
Այս նշանակալի օրուան առիթով Լիբանանին ու անոր բարեկամ ժողովուրդին կը մաղթեմ անսասան կամք ու վճռականութիւն՝ հասնելու երկրին մէջ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»։