Երեւանը երրորդ տարին անընդմէջ պիտի հիւրընկալէ պասքեթպոլի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը։
Այս անգամ ՖԻՊԱ Եւրոպան Հայաստանին վստահած է կանանց Մ16 Եւրոպայի ախոյեանութեան C դասակարգի կայացումը։
Ան տեղի պիտի ունենայ 6–11 Յուլիսին, Երեւանի մէջ։
«Եւրոպական տարբեր երկիրներու պատանեկան հաւաքականները պիտի հանդիպին Երեւանի մէջ՝ պայքարելու ախոյեանական տիտղոսի համար»,- յայտնած է Հայաստանի Պասքեթպոլի ֆետերասիոնը։