ԱՄՆ դեմոկրատական կուսակցութիւնը Ներկայացուցիչներու պալատի 435 մանտաթներէն պիտի ստանայ առնուազն 258-ը՝ ապահովելով ամենանշանակալի ներկայացուցչութիւնը 1992-էն իվեր: Եւս չորս շրջաններու արդիւնքները տակաւին չեն հրապարակուած։
1992-ին Պիլ Քլինթըն դարձաւ նախագահ, իսկ դեմոկրատականները ստացան ընդհանուր առմամբ 258 մանտաթ: Հանրապետականները գոնկրէսի Ստորին պալատին մէջ ամենաշատ մանտաթ՝ 247, ստացած են 2015-2017 թուականներուն:
ԱՄՆ-ի մէջ 3 Նոյեմբեր 2026-ին կայացած միջանկեալ ընտրութիւններուն Դեմոկրատական կուսակցութիւնը յաղթած է նաեւ Ծերակոյտի 100 մանտաթներէն 56-ին: Ի դէպ, կուսակցութեան թեկնածուները զգայացունց յաղթանակներ տարած են աւանդական հանրապետական նահանգներու մէջ, ինչպէս՝ Ալասքան, Թեքսասը, Քանզասը, Այովան, Օհայօն, Հարաւային Գարոլայնան եւ Միսիսիփին։