ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ շնորհաւորած է Հայաստանը «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի պաշտօնական մեկնարկին առթիւ, ընդգծելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը։
Այս մասին Թրամփ ըսած է TRIPP նախագիծի իրագործման պաշտօնական մեկնարկին նուիրուած իր ուղերձին մէջ։ ԱՄՆ նախագահը նշած է, որ հպարտ է նախագիծին մեկնարկով եւ շնորհաւորած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ խիզախ առաջնորդութեան եւ խաղաղութեան ուղին ընտրելու համար։
«Յատուկ ողջոյն Հայաստանի մէջ բոլորին՝ այս աներեւակայելի ուրախալի առիթով, երբ պաշտօնապէս կը մեկնարկէք «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծը։ Ես շատ հպարտ եմ անով։
Կ’ուզեմ շնորհաւորել իմ բարեկամս՝ վարչապետ Փաշինեանը, անոր խիզախ առաջնորդութեան համար։ Ան ընտրեց խաղաղութեան ուղին եւ մեզի հետ աշխատեցաւ՝ վերջ դնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական հակամարտութեան։ Աւելի քան 35 տարի այս հակամարտութիւնը անասելի տառապանքներ պատճառած է եւ շատեր փորձած են լուծում գտնել, բայց ձախողած են։ Բայց մենք ըրինք ատիկա, եւ անցեալ տարի Սպիտակ տան մէջ ստորագրեցինք պատմական խաղաղութեան համաձայնագիր։
Այսօր մենք կը շարունակենք մեր յառաջընթացը «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի եւ բոլորովին նոր՝ ԹՐԻՓՓ զարգացման ընկերութեան մեկնարկով։ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ այս գործընկերութիւնը պիտի ստեղծէ նոր առեւտրային ուղիներ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ ապրանքներու եւ ուժանիւթի հոսքերու, ինչպէս նաեւ ճամբորդութիւններու համար։ Մենք յանձնառու ենք ապահովել, որ ան ունենայ մեծ, մեծ յաջողութիւն։
Եւս մէկ անգամ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր պաշտօնակցին՝ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին՝ մեզի հետ աշխատելու եւ այս օրը հնարաւոր դարձնելու համար, ինչպէս նաեւ զիս մեծահոգաբար Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի առաջադրելու համար։
Պիտի ուզէի նաեւ յաջորդ տարի վարչապետ Փաշինեանը հրաւիրել Սպիտակ տուն, երբ ան ժամանէ Ուաշինկթըն՝ Ազգային աղօթքի նախաճաշին մասնակցելու։ Անհամբեր կը սպասեմ մեր հանդիպման։ Ան բացառիկ մարդ է եւ շատ լաւ բարեկամ։ Միասին կրնանք քննարկել, թէ ինչպէս արդիւնաւէտ կերպով յառաջ մղենք տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ թափ տանք մեր երկկողմ կապերուն։
Միացեալ Նահանգները երբեք այսքան լաւ ցուցանիշեր չէ ունեցած, որքան հիմա։ Ներդրումներու ծաւալները աննախադէպ են. հիմա Միացեալ Նահանգներու մէջ կը ներդրուի 22 թրիլիոն տոլար։ Երբեք չէ եղած որեւէ երկիր, որ նոյնիսկ մօտ ըլլայ ներդրումներու նման ծաւալի։
Եւ վերջը՝ չկայ աւելի մեծ կամ աւելի արժանի նպատակ, քան խաղաղութիւնը, եւ ինծի համար պատիւ է եղած աշխատիլ Հայաստանի ժողովուրդին հետ՝ այս ամէնը հնարաւոր դարձնելու համար։
Եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն։ Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ։ Կը շնորհաւորեմ։
Կեցցէ՛ք, հիանալի աշխատանք ըրած էք»,- ըսուած է ուղերձին մէջ։