Նիկոլ Փաշինեան Ուղերձով Ազդարարեց ԹՐԻՓՓ-ի Մեկնարկը

հեղինակ՝
23 Նոյեմբերի 2026
10 ր. ընթերցում

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»՝ ԹՐԻՓՓ նախագիծի մեկնարկին առթիւ հանդէս եկած է ուղերձով։

Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին մէջ այսօր պիտի մեկնարկեն ԹՐԻՓՓ-ի շինարարութեան նախապատրաստական աշխատանքները։

«Մեծագոյն պատիւ ունիմ ներկայացնելու Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի կառավարութիւններու կողմէ համատեղ իրականացուող «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»՝ ԹՐԻՓՓ նախագիծի եւ տարածաշրջանային ապաշրջափակման գործնական փուլի մեկնարկի մասին, ինչ որ, յիրաւի, պատմական իրադարձութիւն է Հայաստանի Հանրապետութեան նորագոյն պատմութեան մէջ։

Մենք կը մեկնարկենք անկախութենէն իվեր Հայաստանի մեծագոյն տնտեսական ծրագրի աշխատանքները։ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին մէջ այսօր պիտի մեկնարկեն ԹՐԻՓՓ-ի շինարարութեան նախապատրաստական աշխատանքները։

Ընդամէնը մէկ տարի առաջ՝ 8 Օգոստոս 2025-ին, ԱՄՆ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի կողմէ կազմակերպուած Ուաշինկթընի խաղաղութեան գագաթաժողովը բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ Հարաւային Կովկասի կերպափոխման եւ այսօրուայ աննախադէպ իրողութիւններու հաստատման համար։

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ իմ ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած յամատեղ յայտարարութիւնը հնարաւորութիւն ընձեռեց շրջելու տասնամեակներ տեւած հակամարտութեան էջը՝ ճամբայ հարթելով յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար։

Ուաշինկթընի խաղաղութեան գագաթաժողովի, թերեւս, ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը ԹՐԻՓՓ-ն է, որ միտուած է Հարաւային Կովկասի մէջ անխոչընդոտ, բազմաձեւ տարանցիկ փոխկապակցուածութեան ստեղծման՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան լիակատար յարգանքի հիման վրայ։ Բացի Ատրպէյճանէն եւ այդ երկրի՝ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը իրարու կապելու, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար միջազգային ու ներպետական կապակցուածութեան զարգացման փոխադարձ օգուտներ ապահովելու առաւելութիւններէն, ԹՐԻՓՓ-ը պիտի ունենայ հսկայական տարածաշրջանային եւ միջազգային նշանակութիւն՝ լրացուցիչ կենսունակութիւն հաղորդելով անդրկասպեան առեւտրային երթուղիին եւ արեւմուտք-արեւելք կապակցուածութեան։

Խաղաղութենէն զատ ԹՐԻՓՓ նախագիծը բացառիկ նշանակութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսական յառաջխաղացման գործին մէջ, էականօրէն պիտի նպաստէ արտաքին շուկաներուն Հայաստանի հասանելիութեան աճին, Հայաստանի գործարար միջավայրի զարգացման եւ ներդրումներու խթանման։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ընթացիկ իրադարձութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան՝ կառավարութեան խաղաղութիւն եւ տարածաշրջանային կայունութիւն հաստատելու օրակարգի, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի, նաեւ առաւել բարեկեցիկ եւ փոխկապակցուած Հայաստան ունենալու տեսլականի կենսունակութեան առհաւատչեան են։

Այսօր մեր աչքին առջեւ կեանքի կոչուող նախաձեռնութիւններուն ետին կանգնած է Հայաստանի քաղաքացիներու վճռական ձայնը, որոնց քուէն մեր կառավարութեան յուսալի յենարանն ու միակ հովանաւորն է։ Խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայ ունենալու մեր հայրենակիցներու իղձերն ու ցանկութիւններն են, որ ուղենիշ կը ծառայեն մեր կառավարութեան համար՝ ուղղորդելով մեր բոլոր գործողութիւնները Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդի զարգացման համար առաւել բարենպաստ միջավայր ստեղծելուն։ Եւս մէկ անգամ կը շնորհաւորեմ բոլորս եւ բարի երթ կը մաղթեմ ԹՐԻՓՓ նախագիծի իրականացման աշխատանքներուն»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss