Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ անդրադարձած է ՀՀ նոր Սահմանադրութեան հրապարակուած բնագրին եւ մասնաւորապէս նշած է.
«Կարեւոր փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ. հանուած է ձեւակերպումը, որ տարաձայնութիւն կ’առաջացնէր Թուրքիոյ հետ: Ինչպէս ես միշտ ըսած եմ, պարոն Նիկոլ Փաշինեան կառուցողական եւ անկեղծ գործընկեր է երկխօսութեան մէջ, ինչ որ կարեւոր է ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, այլեւ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար»: