«Ընդդիմադիր համախմբումը» կը մերժէ իշխանութեան հրապարակած նոր Սահմանադրութեան նախագիծը՝ պնդելով, որ այն ոչ միայն Ատրպէյճանի պահանջով մշակուած է, այլեւ հնարաւորութիւն կու տայ իշխանութիւններուն աւելի ամրապնդելու իրենց դիրքերը։ Այս մասին ըսուած է «Հայաստան» դաշինքի տարածած յայտարարութեան մէջ։
«Գործ ունինք ոչ միայն օտար պետութեան պարտադրանքի, այլեւ երկրի ներսը՝ իշխանութեան կեդրոնացման եւ մենատիրական կառավարման համակարգի ամրապնդման հետ», — նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ընդդիմադիրները կը պնդեն, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Պաքուի կողմէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման նախապայման է, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները այդ գործընթացը կ՚օգտագործեն իրենց ձեռքին մէջ իշխանութիւնը կեդրոնացնելու եւ զսպումներու ու հակակշիռներու մեխանիզմները վերացնելու համար։
«Վճռականօրէն կը մերժենք արտաքին պահանջով թելադրուած նոր սահմանադրութիւնը», — յայտարարած է «Ընդդիմադիր համախմբումը»՝ զօրակցութիւն յայտնելով խորհրդարանական ընդդիմութեան դիրքորոշման։
Անոնք նաեւ յայտնած են, որ պատրաստ են միաւորելու ուժերը նոր Սահմանադրութեան ընդունման դէմ պայքարին մէջ եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարեն այդ հարցով հանդիպման մասին։
Յայտարարութիւնը յաջորդած է խորհրդարանական ընդդիմութեան՝ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը մերժելուն։ Վարչապետը առաջարկած էր ընդդիմադիրներուն կողմ քուէարկել նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելուն՝ փոխարէնը խոստանալով հեռանալ վարչապետի պաշտօնէն՝ անկախ հանրաքուէի արդիւնքէն։
«Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները մերժած են առաջարկը՝ պնդելով, որ չեն պատրաստուիր զօրակցիլու այն Սահմանադրութեան, որ կ՚անուանեն «ալիեւեան»։
Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»էն ալ յայտարարած են, որ ընդդիմութեան ժամանակ պիտի տան վերանայելու իր դիրքորոշումը եւ չեն բացառեր հանրային ճնշումները։ Վարչապետ Փաշինեանը կը վստահեցնէ, որ Սահմանադրութեան նախագիծը արտաքին ճնշման տակ չէ մշակուած, միաժամանակ կը շեշտէ, որ ան պիտի փակէ բախումի էջը Հայաստանի հարեւաններուն հետ։