Հայաստան 2027 եւ 2028-ին Պիտի Հիւրընկալէ Պասքեթպոլի Եւրոպայի Ախոյեանութիւններ

հեղինակ՝
24 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

ՖԻՊԱ Եւրոպան Հայաստանին վստահած է կանանց պասքեթպոլի 2027-ի մինչեւ 16 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան C դասակարգի եւ 2028-ի մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան B դասակարգի կայացման իրաւունքը։

Կանանց Մ16 Եւրոպայի ախոյեանութեան C դասակարգի հանդիպումները պիտի կայանան 2027-ի 6–11 Յուլիսին, Երեւանի մէջ։ Եւրոպական տարբեր երկիրներու պատանեկան հաւաքականները Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ պիտի պայքարին ախոյեանական տիտղոսի համար։

2028-ին Երեւանը պիտի հիւրընկալէ նաեւ կանանց Մ20 Եւրոպայի ախոյեանութեան B դասակարգի մասնակիցները։ Եւրոպական երկիրներու երիտասարդական հաւաքականները պիտի պայքարին ինչպէս ախոյեանական տիտղոսի, այնպէս ալ A դասակարգի ուղեգրերու համար։

Այսպիսով, 2025 եւ 2026-ին Եւրոպայի ախոյեանութիւններ հիւրընկալելէ ետք, Հայաստանը պիտի շարունակէ միջազգային մրցաշարերու կազմակերպման շարքը նաեւ 2027 եւ 2028-ին՝ չորս տարի անընդմէջ հիւրընկալելով պասքեթպոլի Եւրոպայի ախոյեանութիւններ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss