Յունաստան-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամական Խումբը Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

հեղինակ՝
25 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Յունաստան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավար Վասիլիոս Իքոնոմուի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Յունաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Արուսեակ Մանավազեանի եւ խումբի անդամ Լուսինէ Բադալեանի ուղեկցութեամբ։ 

Հիւրերը դիմաւորած եւ այցի ընթացքին ուղեկցած է ՀՑԹՀ-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեանը։ Ան հիւրերուն պատմած է Հայոց ցեղասպանութեան որոշ դրուագներու մասին, տեղեկութիւն ներկայացուցած է յուշահամալիրի, ինչպէս նաեւ թանգարան-հիմնարկի եւ անոր գործունէութեան մասին։

Յունաստանէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ դրած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակի մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Յունաստան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամները շրջած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր ՀՑԹՀ թանգարանային աշխատանքներու մասով փոխտնօրէն Մէրի Եղիկեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են թանգարանի մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։ Շրջայցի աւարտին պատուիրակութեան անդամները գրառումներ կատարած են Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։

Աւարտին, ՀՑԹՀ-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցելութեան համար եւ Վասիլիոս Իքոնոմուին նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss