Հայ-ատրպէյճանական հասարակութիւններու միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը, մտքերու փոխանակումը եւ գործընթացին մէջ ներգրաւուած մասնակիցներու թիւի աւելացումը արդէն իսկ ձեռքբերում են։ «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան 5-րդ հանդիպման ծիրէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին այս մասին ըսաւ ատրպէյճանական փորձագիտական խումբի համակարգող, Հարաւային Կովկասի հետազօտական կեդրոնի տնօրէն Ֆարհատ Մամետով։
Ան ընդգծեց, որ հայկական եւ ատրպէյճանական հասարակութիւնները խաղաղութեան վերաբերեալ ունին տարբեր սպասելիքներ ու ընկալումներ, որոնք անհրաժեշտ է նկատի առնել խաղաղութեան օրակարգին շուրջ տարուող աշխատանքին մէջ։ Անդրադառնալով տարաձայնութիւններու առկայութեան՝ Մամետով նշեց, որ անոնք կ՚ընդգրկեն հարցերու լայն շրջանակ, սակայն կողմերը կը փորձեն անոնց շուրջ անկեղծ երկխօսութիւն վարել՝ ներկայացնելով հասարակութիւններու մտահոգութիւններն ու անոնց պատճառները։ «Մենք կը փորձենք ցոյց տալ, թէ ինչ կը մտահոգէ մեր հասարակութիւնները, որոնք են այդ նիւթերն ու պատճառները, եւ ինչի կրնանք հասնիլ, եթէ այդ հարցերը իրենց լուծումը գտնեն։ Այս խնդիրները ունին առարկայական եւ ենթակայական պատճառներ։ Եթէ չենք կրնար կարճ ժամկէտերու մէջ լուծել բոլոր խնդիրները, կը կեդրոնանանք այն հարցերուն վրայ, որոնց ուղղութեամբ կրնանք յստակ քայլեր առնել»,- նշեց ան։
Մամետովի խօսքով՝ երկխօսութեան կարեւոր արդիւնքներէն մէկն այն է, որ մասնակիցներուն համար փակ նիւթեր չկան, եւ անոնք հնարաւորութիւն ունին բարձրացնելու նաեւ զգայուն հարցեր։ «Մեր իւրաքանչիւր երկխօսութիւն անկեղծ զրոյց է եւ շատ, գուցէ նոյնիսկ զգայուն հարցերու քննարկում։ Մենք հասած ենք անոր, որ մեզի համար փակ նիւթեր չկան։ Կրնանք իրարու հարցեր տալ եւ ստանալ անոնց պատասխանները։ Այս ձեւաչափը կ՚ենթադրէ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու անմիջական շփումը պետութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որմէ ալ մենք օգտուեցանք. երկու ժամուան ընթացքին հարցեր կու տայինք Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին»,- ըսաւ ան։
Ատրպէյճանցի փորձագէտը տեղեկացուց, որ 5-րդ հանդիպման առանձնայատկութիւններէն է նաեւ վեց թեմատիկ յանձնաժողովներու աշխատանքը։ Անոնք պիտի անդրադառնան բնապահպանութեան, տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, մարդասիրական հարցերու եւ մամուլի ուղղութիւններուն։ Յանձնաժողովներուն մէջ մասնագէտները պիտի քննարկեն յառաջիկայ ընելիքները, երկու երկիրներու պետական կառոյցներուն ներկայացուելիք առաջարկները եւ այն հնարաւոր քայլերը, որոնք կրնան նպաստել առկայ տարաձայնութիւններու հարթեցման։