Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Օրինակ Կրնայ Համարուիլ Ուքրանիոյ Համար․ Ամիրպեքով

հեղինակ՝
22 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Պրիւքսէլի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու հարցով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադրական կապերու զարգացումը բնութագրած է որպէս խաղաղութեան գործընթացի կարեւոր լրացուցիչ առաւելութիւն։

Ամիրպեքով առանձնացուցած է ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ իրականացուող TRIPP նախագիծը՝ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման», որ կը նախատեսուի իրականացնել Հայաստանի հարաւային հատուածով։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տնտեսական փոխկախուածութիւնը կրնայ դառնալ խաղաղութեան լաւագոյն երաշխիքներէն մէկը։

Անդրադառնալով Ուքրանիոյ իրավիճակին՝ Ամիրպեքով նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը կրնայ օրինակ ծառայել՝ կանխելու նոր բաժանարար գիծերու յառաջացումը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss