Ի Տարբերութիւն ՀԱՊԿ-ի՝ ԵԱՏՄ-ի Մէջ Հեռացնելու Իրաւունք Չունին. Փաշինեան

հեղինակ՝
22 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ԵԱՏՄ-ի մէջ ՀՀ անդամակցութիւնը կասեցնելու հնարաւոր հետեւանքներուն վերաբերեալ անդամ երկիրներու զեկոյցին։

«Այդ տուեալներուն ու կանխատեսումներուն վերաբերեալ՝ պիտի ապրինք, պիտի տեսնենք։ Ինչպէս նախապէս ըսած եմ՝ մեր հիմնական կեդրոնացումը ՀՀ շարունակական զարգացումն է եւ մեր անկախութեան, ինքնիշխանութեան պաշտպանութիւնը, պիտի երթանք այդ ճամբով»,- ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Անոր խօսքով՝ ԵԱՏՄ անդամ երկիրները իրաւունք չունին երկիրը հեռացնելու։ «Նման հնարաւորութիւն կայ ՀԱՊԿ-ի մէջ։ Նկատի ունենալով, որ երկիրները, ըստ էութեան, կը համընկնին ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ, հետաքրքիր է, թէ ինչու ՀԱՊԿ-էն չեն հեռացներ, որովհետեւ հոն կանոնադրային հնարաւորութիւնը կայ»,- շեշտած է վարչապետը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss