Ատրպէյճանի Հետ Սահմանադրութեան Հարցով Քննարկում Չկայ. Նիկոլ Փաշինեան

հեղինակ՝
22 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ Սահմանադրութեան հարցը Ատրպէյճանի հետ չեն քննարկեր։

«Քանի որ ատիկա մեր ներքաղաքական հարցն է։ Պիտի ըսեմ նաեւ՝ այս նիւթով խօսակցութիւն եղած է Պիշքեքի մէջ մեր հանդիպման ժամանակ։ Ատրպէյճանական կողմին ըսած եմ՝ մեզի համար ընդունելի չէ, որ Ատրպէյճանէն հարցեր կը բարձրացուին Սահմանադրութեան հետ կապուած»,- նշած է ան եւ աւելցուցած, որ ատրպէյճանական կողմը կ՚ընդունի՝ Սահմանադրութեան հարցը Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի հարցն է, եւ ոեւէ մէկը երկիրներու ներքին կեանքին միջամտելու իրաւունք չունի։

«Անոնք պարզապէս կը տեղեկացնեն, որ ունին այդպիսի քաղաքական դիրքորոշում։ Ես կը կարծեմ՝ կրնայ թուիլ, որ ձեւակերպումներու տարբերութիւնը մեծ չէ, բայց, իմ կարծիքովս, եւ իրականութեան մէջ մեծ է»,- շեշտած է վարչապետը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss