Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մի շարք հոգեւորականներու գործունէութեան արդիւնքով եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած ճգնաժամի եւ անոր արդիւնքով հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին, անոր ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բացառիկ առաքելութեան չկատարման խնդիրները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովը 26 Հոկտեմբերին հրաւիրած նիստին քուէարկութեամբ հաստատած է աշխատակարգը։
Յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյան նիստի ընթացքին ներկայացուցած է յանձնաժողովի աշխատակարգի հաստատման, նիստերու կայացման (բաց կամ փակ), ժամկէտներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեան հետ կապուած հարցերը։
Անոր խօսքով յանձնաժողովը իրաւունք ունի հրաւիրելու պետական պաշտօնեաներ, մասնագէտներ եւ փորձագէտներ, իսկ փակ նիստերու ընթացքին ձեռք բերուած տեղեկութիւններն ու եզրակացութիւնները պիտի հրապարակուին գործունէութեան աւարտին՝ օրէնսդրութեան համապատասխան։