Մոլորուելու Հետեւանքով ՀՀ Սահմանը Հատած Ատրպէյճանցի Հովիւը Վերադարձուած Է Երկրի Իրաւասու Մարմիններուն

հեղինակ՝
26 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Ազգային սնվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Քասիմով Եաշար Ալի Օղլին, որ աւելի վաղ մոլորուելու հետեւանքով անցած էր ՀՀ սահմանը եւ յայտնաբերուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ (Տաւուշի մարզ), սոյն թուականի 24 Հոկտեմբերին վերադարձուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն՝ ԱՀ իրաւասու մարմիններուն։

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի քաղաքացին մոլորուած եւ յայտնուած էր ՀՀ տարածքին:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ առկայ տեղեկատուութեան համաձայն՝ տղամարդը պարբերաբար ալքոհոլ օգտագործած էր։ Այդ օրը ան գացած էր սահմանային գօտիին մէջ անասուններ արածեցնելու, ուր ալքոհոլ օգտագործած էր։ Հարբած վիճակի մէջ անցած էր Հայաստանի սահմանը եւ ձերբակալուած էր Չինարի գիւղին մօտակայքը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss