ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ Հունգարիոյ նախկին վարչապետ Վիքթոր Օրպանը յառաջ կը մղէ որպէս ՄԱԿ-ի յաջորդ գլխաւոր քարտուղարի թեկնածու։ Այս մասին կը յայտնէ «The Jerusalem Post»-ը՝ յղում ընելով երեք երկիրներու աղբիւրներուն։
Հրատարակութեան տուեալներով՝ ամերիկացի պաշտօնեաներ արդէն առաջարկած են Օրպանին մասնակցիլ ընտրապայքարին։ Ան հետաքրքրութիւն յայտնած է, սակայն տակաւին վերջնական որոշում չէ կայացուցած։
Ուաշինկթըն կ՚ենթադրէ, որ Օրպանի թեկնածութեան կրնան աջակցիլ նաեւ Ռուսաստանն ու Չինաստանը։ ԱՄՆ պաշտօնեաներէն մէկուն գնահատումով՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 15 անդամներէն առնուազն ութը կրնան կողմ ըլլալ անոր թեկնածութեան։ Սակայն որեւէ երկիր հրապարակաւ չէ հաստատած իր աջակցութիւնը։
Օրպանի հաւանական առաջադրումը կրնայ վիճահարոյց ըլլալ՝ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի հետ անոր սերտ կապերուն, ինչպէս նաեւ Հունգարիոյ մէջ վարած քաղաքականութեան շուրջ քննադատութեան պատճառով։ Թեկնածութեան վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւն տակաւին չէ եղած։
ՄԱԿ-ի գործող գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի լիազօրութիւններուն ժամկէտը կ՚աւարտի 31 Դեկտեմբերին։