Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակի տօնական միջոցառումներու ծիրէն ներս 28-29 Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի պիտի ունենան յոբելենական միջոցառումներ՝ նուիրուած Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150 եւ Հանրապետութեան հրապարակի հիմնադրման 100-ամեակին։
Անուանի հայագէտ, լեզուաբան եւ ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանին նուիրուած «Կեանքը գիտութիւն․ Հրաչեայ Աճառեան» խորագրով գիտաժողովով եւ Հանրապետութեան հրապարակի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած «Հրապարակը եւ ժամանակը․ անցեալէն ապագայ» խորագրով ցուցահանդէսի բացումով 28 Հոկտեմբերին պիտի տրուի տօնական ծրագիրի մեկնարկը։
Յոբելենական միջոցառումները կը կազմակերպեն ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութիւնը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն։ Բացման պիտի մասնակցի նախարարի տեղակալ Տիգրան Վիրապեանը։
Հանրապետութեան հրապարակի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած «Հրապարակը եւ ժամանակը․ անցեալէն ապագայ» խորագրով ցուցահանդէսը պիտի գործէ 28 Հոկտեմբերէն մինչեւ 2 Նոյեմբեր։ Հանրապետութեան հրապարակին պատմութիւնը ներկայացնող շուրջ 40 լուսանկարներ ընտրուած են Հայաստանի ազգային արխիւէն, Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն, Հայաստանի ճարտարապետութեան պալատէն, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութենէն եւ անհատ լուսանկարիչներու արխիւային հաւաքածուներէն։ Հանրապետութեան հրապարակի պատմութիւնը պիտի ամբողջացնէ «Տէրեան» մշակոյթի կեդրոնի տարազներու ցուցադրութիւնը։
Միջոցառումներու շարքը պիտի եզրափակուի 29 Հոկտեմբերին՝ «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբի եւ Վահագն Հայրապետեան եռեակի համատեղ համերգով։ Պիտի հնչեն հայկական ժողովրդական երգերու ճազային մշակումներ։
Յոբելենական միջոցառումները կը կազմակերպուին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան հետ համագործակցութեամբ: