Սպանիոյ թագուհի Նորին Մեծութիւն Սոֆիան 27 Հոկտեմբերին ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութիւն։ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ Նորին թագուհին դիմաւորած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը։
Թագուհիին այցը Հայաստան պիտի տեւէ մինչեւ 29 Հոկտեմբեր։
Այցի ծիրին մէջ Նորին Մեծութիւնը պիտի մասնակցի Արքայազն Թալալի անուան մարդկային զարգացման միջազգային մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր եւ պիտի մասնակցի մշակութային ու Հայաստան-Սպանիա բարեկամական կապերուն նուիրուած միջոցառումներու։