«Մենք չենք ուզեր, որ ՔՊ-ն միակ ուժը ըլլայ», — յայտնած է Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան՝ անդրադառնալով վարչապետին՝ պետականամէտ ընդդիմութեան անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութեան։
Ռուբինեանի խօսքով՝ ընդդիմութեան խնդիրը կայ 2018 թուականէն, երբ, անոր գնահատմամբ, ընդդիմադիր դաշտը զբաղեցուցին նախկին «մենատէր վարչակարգի ներկայացուցիչները»։ ԱԺ նախագահը պնդած է, որ այդ ուժերը կա՛մ կը փորձեն պաշտպանել «իրենց գողօնը», կա՛մ յառաջ կը տանին «Հայաստանը այլ պետութեան կազմ մտցնելու օրակարգը»։
«Մենք կ՚ուզենք, որ ձեւաւորուի բազմակուսակցական ժողովրդավարական համակարգ, բայց Հայաստանին հաւատարիմ», — ընդգծած է Ռուբինեան։
25 Հոկտեմբերի ՏԻՄ ընտրութիւններէն ետք Փաշինեան յայտնած էր, որ ուրախ չէ շարք մը համայնքներու մէջ ՔՊ-ի ստացած 70, 80 եւ նոյնիսկ 90 տոկոսէ աւելի ձայներով, քանի որ նման արդիւնքները մենատիրութեան ու բռնապետութեան տպաւորութիւն կը ստեղծեն։
Վարչապետը խօսած էր պետականակեդրոն ընդդիմութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան մասին՝ նշելով, որ այդ հարցը կը քննարկէ տարբեր ձեւաչափերով։