Արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի անդամակցութիւնը կասեցնելու հաւանական հետեւանքներուն վերաբերող զեկոյցին։
«Մեր ԵԱՏՄ գործընկերները կ՚ըսեն, թէ Վիեննայի համաձայնագիրով այդպիսի բան կայ, որ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւնը կրնան հեռացնել կամ սառեցնել անոր անդամակցութիւնը։ Այո՛, այդպիսի բան կայ, բայց շատ իւրայատուկ տեսանկիւնով կամ հիմնաւորումով»,- ըսած է ան եւ շեշտած, որ անոր համար անհրաժեշտ է, որ գործընկերը, որմէ միւս գործընկերները միջազգային կամ համարկման կազմակերպութեան մէջ դժգոհ են եւ կ՚ուզեն հեռացնել, պէտք է խախտէ իր պարտաւորութիւնները։
Անոր խօսքով՝ ՀՀ-ն ԵԱՏՄ ծիրին մէջ որեւէ պարտաւորութիւն չէ խախտած եւ չի պատրաստուիր խախտելու. «Հետեւաբար իրաւական առումով կը հասկնամ, որ գուցէ մեր գործընկերները ջանքեր գործադրած են իրաւական հիմնաւորումներ գտնելու, բայց համաձայն չեմ ներկայացուող հիմնաւորումներուն հետ։ Բոլորս կը հասկնանք՝ իրաւականը իրաւական, բայց հոս քաղաքական մղում կայ»,- ընդգծած է Արարատ Միրզոյեան։
Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ ՀՀ-ն կազմակերպութեան ծիրին մէջ եւ երկկողմ պարտաւորութիւնները բարեխղճօրէն պիտի կատարէ ու պիտի չխախտէ. «Բայց, ցաւօք, հակառակին օրինակները կը տեսնենք վերջին ամիսներուն»,- ըսած է ան եւ ընդգծած. «Մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է՝ ինչ ալ ըլլայ, մեր որոշումներուն ու պահուածքին առանցքին մէջ են մեր պետականութիւնը, ՀՀ անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, նաեւ՝ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու իրաւունքը։ Սա սակարկութեան առարկայ պիտի չդարձնենք»,- շեշտած է ան։