Հայաստան ժամանած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան իշխան Ապտըլազիզ պին Թալալ Ալ Սաուտը։
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ զինք դիմաւորած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանն ու Սէուտական Արաբիան երկար ժամանակ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունէին։ Երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 25 Նոյեմբեր 2023-ին։