ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան խաղաղութեան չնպաստող գնահատած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի վերջին յայտարարութիւնը՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ սուր յայտարարութիւններու փոխանակումը կրնայ բացասաբար ազդել խաղաղութեան ամրապնդման ջանքերուն վրայ։
Ազգային ժողովի մէջ քննարկման ժամանակ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան անդրադարձած է Հիքմեթ Հաճիեւի այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանը եւ հայ հասարակութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրեն Ատրպէյճանէն։ Ան Միրզոյեանէն հետաքրքրուած է՝ ինչո՞ւ ԱԳՄԱ նախարարութիւնը չէ արձագանգած այդ յայտարարութեան, եւ որքանո՞վ նման խօսոյթը կը նպաստէ խաղաղութեան գործընթացին։
Միրզոյեան նշած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութիւնը խաղաղութիւն կը կառուցէ՝ գիտակցելով այդ ճանապարհին առկայ դժուարութիւններն ու խոչընդոտները։ Անոր խօսքով՝ հայկական կողմը կը փորձէ ամրապնդել խաղաղութիւնը եւ խուսափիլ նախկին առճակատման տրամաբանութեան վերադառնալէ։
«Կը հաւատացնեմ ձեզ, ես այնքան ամպագոռգոռ եւ հայրենասիրական բառեր գիտեմ, այնքան պաթոսային բառեր գիտեմ։ Հարցը հետեւեալն է՝ ատիկա ընելը պիտի նպաստէ՞։ Հիմա բերիք մէկ օրինակ, որ չի նպաստեր։ Ի հարկէ չի նպաստեր»,- ըսած է Միրզոյեան։
Նախարարը աւելցուցած է, որ աւելի սուր պատասխանին կրնայ յաջորդել միւս կողմին աւելի սուր արձագանգը՝ կողմերը տանելով բացասական զարգացումներու ճանապարհով։
Պատգամաւորին լրացուցիչ հարցը վերաբերած է անոր, թէ արդեօք նման յայտարարութիւնը կրնա՞յ հետագային դառնալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւս մէկ նախապայման։
Պատասխանելով՝ Միրզոյեան անդրադարձած է հակամարտութեան հետեւանքներուն եւ երկու հասարակութիւններու կրած ցաւին՝ շեշտելով խաղաղութեան ու համագործակցութեան փուլ անցնելու անհրաժեշտութիւնը։
«Վէրքերը շատ թարմ են, հակամարտութիւնը նոր աւարտած է, զոհեր եւ արիւն եղած է այս կողմը, զոհեր եւ արիւն եղած է այն կողմը։ Բայց պէտք է աւարտել այդ հակամարտութիւնը եւ մտնել խաղաղութեան, համագործակցութեան փուլ։ Անկէ մենք պիտի շահինք, անկէ իրենք պիտի շահին»,- նշած է նախարարը։